2015-03-09 13:57:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 9 մարտի քարոզը` ''խոնարհութիւնն ու լռութիւնը Աստուծոյ վարուելակերպն է''


Աստուծոյ վարուելակերպը խոնարհութեան  եւ լռութեան մէջ կը կայանայ եւ  ոչ թէ բեմադրութեան մէջ։''Աստուած կը գործէ լռութեան եւ խոնարհութեան մէջ , Անոր վարուելակերպը բեմադրական չէ'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանյապետի , երկուշաբթի, 9 մարտին, Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։

Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը ներկայացուի Յիսուսի  յանդիմանութիւնը  Նազարէթի բնակիչներուն՝  անոնց հաւատքի պակասութեան պատճառաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, թէ  մինչ՝ Նազարէթի բնակիչները    զմայլած մտիկ կ՝ընէին   Յիսուսին,  անոնցմէ   շատեր  զայրացած էին  Յիսուսի խօսքերէն այն աստիճան որ Զինքը քաղաքէն դուրս վտարեցին ։

Մէջբերելով  Սուրբ գիրքէն տարբեր այլ օրինակներ, Ֆրանչիսկոս Պապա հաստատեց թէ, Տէրը կ՝աճի խոնարհութեան մէջ եւ ''աշխարհիկ հանդիսութիւն'' չի կատարեր,  Աստուած լռութեան մէջ մարդոց սրտերոն կը խօսի։ Ան ապա հրաւիրեց վերյիշել, թէ  մեր կեանքին ընթացքին  քանի անգամ զգացած ենք Աստուծոյ խոնարհութեան  ու պարզութեան վարուելակերպը ապա մաղթանք յայտնեց որպէզի ծիսական արարողութիւններու եւ սուրբ խորհուրդներուն ընդմէջէն եւս  յայտնաբերուի Աստուծոյ պարզութիւնը եւ ոչ թէ աշխարհիկ հանդիսութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.